2014-02-08 08:54:04

Հալէպի ս. Վարդան կեդրոնի պատասխանատուն` յիսուսեան հայր Մուրատ Ապու Սէյֆ կը յայտնէ. ''քրիստոնեաներն ու մահմետականները, Քիւրտերն ու հայերը միասնաբար կ'շխատակցին ամոքելու քաղաքացիներու տառապանքը''։


Զուիցերիա կատարած ճամբորդութեան ընթացքին, Հալէպի ս. Վարդան կեդրոնի տնօրէնը` Յիսուսեան հայր Մուրատ Ապու Սէյֆ, դասախօսութիւն մը տուած է Հալէպի ներկայ ողբալի կացութեան մասին։ Ան յայտնած է որ ճարտարարուեստական քաղաքի քրիստոնեաներն ու մահմետականները, քիւրտերն ու հայերը միասնաբար կ'շխատակցին ամոքելու քաղաքացիներու տառապանքը։Ան իր կեդրոնին մէջ կը պահէ զանազան դաւանանքի պատկան աւելի քան 200 երիտասարդներ, որոնք իրենց կարգին օգնութեան կը հասնին բազմաթիւ ընտանիքներուն։
Նշենք որ Ս. Վարդանի կեդրոնը, հիմնուած շուրջ հարիւր տարի առաջ, օգնութեան հասնելու հայկական ցեղասպանութեան վերապրողներուն, կը գտնուի քաղաքի Միտան հայաբնակ թաղամասին մէջ։ Քաղաքացիական պատերազմի հետեւանքով տեղափոխուած է ալ Ազիզիէ թաղամասը, որ ճանչցուած է իր Քառասուն Մանկանց հայ եկեղեցիով։
''Ս. Վարդան կեդրոնը օրական 18 հազար ճաշ կը պատրաստէ ներքին փախստականներուն եւ ինչազուրկերուն, ինչպէս նաեւ բանտարկեալներուն եւ ծերանոցի եւ անկարներու կեդրոններուն։ Նոյնպէս կեդրոնը ունի դարմանատուն մը, ուր օրական 120-140 հիւանդեր դարմանում կը ստանան։ Սնունդ կը բաշխէ շուրջ 8000 ընտանիքներու'' յայտնած է հայր Մուրատ դիտել տալով որ ''բարեբախտաբար, քաղաքական պատերազմէն սկսեալ իսլամ եւ քրիստոնեայ հասարակութիւնները ձեռք ձեռքի տուած միասնաբար կը գործեն եւ այս մէկը նպաստեց ազատօրէն աշխատելու կարիքաւորներուն համար''։
Դասախօսութեան ընթացքին հայր Մուրատ պատասխանելով ծայրայեղ մահմետականներէն արեւանգուած քահանաներու ու եպիսկոպոսներու մասին, ըսաւ. ''դժբախտաբար ոչ մէկ տեղեկութիւն ունինք այդ ուղղութեամբ։ Ասորի օրթոտոքս եպիսկոպոս` Գերապայծառ Ժորժ Եոհաննա Իպրահիմ` եւ յոյն օրթոտոքս եպիսկոպոս` գերապայծառ Պուլոս ալ Եազճի, արեւանգուած են Թուրքիոյ սահմանին մօտ 22 ապրիլ 2013-ին, իսկ հայ կաթողիկէ հայր Միշէլ Քայալ` եւ յոյն օրթոտոքս հայր Մահեր Մահֆուզ, արեւանգուած են անցեալ փետրուար 2013-ին, մոլեռանդ մահմետականներու կողմէ։ Նոյնպէս ոչ մէկ տեղեկութիւն ունինք իտալացի յիսուսեան հայր Բաուլօ Տալոլիոյի մասին, արեւանգուած անցեալ 30 յուլիսին։ Հայր Մուրատը ապա յայտնեց. ''թէեւ վիճակագրական տուեալ չունինք սակայն կը խորհինք որ քաղաքին 120 հազար քրիստոնեաներուն 70 հազարը տակաւին Հալէպ կը գտնուին''։








All the contents on this site are copyrighted ©.